2008-11-12 12:24:30

Էջ մը հայ Գրականութենէն` Զաքարիա Կաթողիկոս


Ծանօթութիւն չունինք Զաքարիայի ծննդեան թուականին մասին, սակայն գիտենք թէ ան ծնած է Կոտայք գաւառի Ձագ գիւղին մէջ, անոր համար ալ կոչուած է Ձագեցի։ 854 թուին, երբ վախճանեցաւ Յովհաննէս Դ. Կաթողիկոսը, Սմբատ Բագրատունի իշխանը հաւաքեց բոլոր եպիսկոպոսները Շիրակ գաւառին մէջ, եւ ընտրեցին Զաքարիան որպէս Կաթողիկոս։

Ան ծանօթ էր իր լաւ յարաբերութիւններով, մէկ կողմէն` Արաբներու հետ, Ատրպատականի իշխանին միջոցաւ, որով գերութենէ ազատած էր շատ մը հայ իշխաններ. Միւս կողմէն ալ` շատ լաւ ծանօթութիւն ունէր եւ բարեկամական կապեր Բիւզանդական արքունիքին եւ մանաւանդ Փոտ` Յոյներու Պատրիարքին հետ։

Սակայն Զաքարիա, ստացած չըլլալով տակաւին Եկեղեցական կարգերը, նոյն օրուայ մէջ` ձեռնադրուեցաւ սարկաւագ, ապա` քահանայ` Եպիսկոպոս եւ ի վերջոյ` Կաթողիկոս։ Իր առաջին գործերէն մին եղաւ հաշտութիւնը յոյն Եկեղեցւոյ հետ, գրելով սիրալիր նամակ մը Փոտ Պատրիարքին, որ կը հալածէր կայսրութեան մէջ գտնուող Հայերը որպէս հերձուածող. Զաքարիա փաստեց իրեն թէ Հայերը հերձուածող չեն այլ նոյն հաւատքն ունին Յոյներու հետ, եւ զոր ստացած են իրենց Հօրմէն` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչէն։ Այս առթիւ` Շիրակաւանի մէջ ընդհանուր ժողով մը գումարել տուաւ կաթողիկոսը, ուր յստակացուեցաւ Քրիստոսի բնութիւններու կնճռոտ հարցը, որով անոր երկու բնութիւնները – մարդկայինն ու աստուածայինը – իրարու կը միանան անճառ եւ անշփոթ կերպով, կազմելու համար մէկ անձը Քրիստոսի։

Զաքարիա մեծ դեր ունեցաւ Սպարապետ Աշոտ Բագրատունիի բարձրացման մէջ եւ ամէնուն կողմէ որպէս Իշխանաց Իշխան ընդունուելուն մէջ։ Ասով ան մեծապէս նպաստեց հայ իշխաններու միջեւ միաբանութեան, խրախուսելով որ անոնք թողուն եղբայրասպան պատերազմները եւ զբաղին աւելի շինարարական աշխատանքներով։

Զաքարիա Կաթողիկոսը վախճանեցաւ 876 թուին առանց կարենալ տեսնելու Հայոց փառքը, երբ Աշոտ պսակուեցաւ թագաւոր Հայաստանի։ Սակայն կրնանք ըսել թէ ինք եղաւ պատրաստողը Բագրատունեաց իշխանական ընտանիքը դէպի թագաւորութիւն տանող ճանապարհին, որը գրեթէ 150 տարիներ շարունակ պիտի կառավարէր երկիրը մեծ վերահասութեամբ։

Զաքարիայի կը վերագրուին, բացի Փոտ Պատրիարքի ուղղած նամակէն, որ կը գտնուի Գիրք Թղթոցի մէջ, մօտաւորապէս 20 Ճառեր, գրուած զանազան առիթներուն, եւ շարադրուած վայելուչ ոճով, հետեւելով յոյն աստուածաբաններու վարդապետութեան ձեւին ու բառամթերքին։

Յիշենք անոնցմէ հետեւեալները. Ճառ Քրիստոսի Ծննդեան, Ճառ Մկրտութեան, Գալստեան յԵրուսաղէմ, Ճառ վասն կատարածի աշխարհիս, վասն Մատնութեան Յիսուսի, ի խորհուրդ Մեծի Հինգշաբթուն, ի չարչարանս Տեառն յօր մեծի Ուրբաթուն, ի Յարութիւնն, ի Համբարձումն Տեառն, ի սուրբ խաչ աստուածընկալ, ի սուրբ Եկեղեցին, ի Ննջումն Ամենասուրբ Կողս Աստուածածնին, եւայլն…

Իրեն կը վերագրուին նաեւ կարգ մը վարդապետական գրութիւններ, ինչպէս` Յաղագս Տապանակին Խորհրդոյ, Յաղագս Այլակերպութեան Տեառն մերոյ եւ Աստուծոյ, Յաղագս Շողակաթին եւ ի նոյն խորհրդոյ Վարդավառի տօնին, յառակացն Սողոմոնի Իմաստնոյ։

Զաքարիայով կը սկսինք 9-րդ դարու հեղինակներու մասին խօսիլը. անոնք մեծամասնութեամբ իմաստուն կաթողիկոսներ եղան Հայ Ազգին։








All the contents on this site are copyrighted ©.